Ռուսիա Օպաման Հրաւիրած Է Ֆաշականութեան Դէմ Յաղթանակի 70-Ամեակի Տօնակատարութեան
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, կը հաղորդէ, որ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահի բանբեր Եուրի Ուշաքով յայտնած է, որ Մոսկուա հրաւէր ուղարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` մասնակցելու ֆաշականութեան դէմ յաղթանակի 70-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք հանդիսութիւններուն:
Պատասխանելով այս մասին հարցումի մը` Ուշաքով ըսած է. «Ի հարկէ, հրաւէր ուղարկած ենք»:
CATEGORIES Միջազգային

