Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ներդրումները քաջալերող «Իտալ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Նապիլ Այթանիի: Սալամ ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

