Ռիատի Մէջ . Տըրիան Հանդիպումներ Ունեցաւ Սէուտ Ֆայսալի, Հարիրիի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միւֆթիին Հետ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան եւ անոր ընկերակցող կրօնաւորներու պատուիրակութիւնը, երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հետ:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտել Սաթթար Իսա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ֆայսալ ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան, յատկապէս նկատի ունենալով զայն շրջապատող երկիրներուն մէջ տիրող լարուածութիւնը:
Իր կարգին, Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ քաջալերելի է լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի բոլոր այն լիբանանցիներուն, որոնք կը գործեն ի շահ Լիբանանին:
Միւֆթի Տըրիան այցելեց նաեւ Սէուտական Արաբիոյ միւֆթի շէյխ Ապտել Ազիզ Շէյխի, որուն հետ քննարկեց Տար Ֆաթուայի հետապնդած ծրագիրները` իսլամութիւնը ճիշդ կերպով տարածելու համար:
Տըրիան այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի Ռիատի բնակարանը, ուր ճաշկերոյթ մը պատրաստուեցաւ` ի պատիւ հանրապետութեան միւֆթիին:
Հարիրի ողջունեց միւֆթի Տըրիանի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը:
Տըրիան, իր կարգին, դրուատեց Հարիրիի երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ անիկա պիտի օժանդակէ յարանուանական լարուածութեան նուազեցման, ինչպէս նաեւ պիտի ընձեռէ այլ երկխօսութիւններու կարելիութիւններ, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

