Իտալիոյ Ծերակոյտի Նախագահը Կ՛այցելէ Լիբանան

1222_berri_grasoԽորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ Փեթրօ Կրասոն, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի եւ Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին Պըըրի շեշտը դրաւ լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւններուն հեզասահութեան վրայ` դրուատելով Իտալիոյ աշխուժ դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան ընդմէջէն:

Իր կարգին Կրասօ ողջունեց Լիբանանը եւ բարձր գնահատեց Միջին Արեւելքի մէջ անոր հզօր դիրքը: Ան շեշտեց Իտալիոյ զօրակցութիւնը` Լիբանանին եւ անոր բանակին:

Հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Կրասօ այցելեց նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծեց Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

ՄԻՒՍ կողմէ, մինչ կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին պիտի սկսի, Այն Թինէի մէջ, Պըրրի հաստատեց այս պայմաններուն ներքեւ այդ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ այդ երկխօսութիւնը լիբանանցիներուն նուէր է: «Երկխօսութիւնը աւելի քան կարեւոր է եւ անիկա պէտք էր երէկ սկսած ըլլար եւ ոչ թէ այսօր», ըսաւ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES