Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Այցելեցին Նախարարներ Մաշնուքի Եւ Ռիֆիի
Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, որ յայտնեց, թէ ինք` իբրեւ ներքին գործոց նախարար, պատասխանատու է տիրող իրավիճակին, «սակայն ես պիտի չբացայայտեմ իմ առած քայլերս», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ դրած են առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու եւ իբրեւ հերոս զանոնք տուն վերադարձնելու:
Հանդիպումէն ետք բանակայիններուն հարազատներուն անունով շէյխ Օմար Հայտար շեշտեց, որ Մաշնուք շատ թափանցիկ եղած է հանդիպումին ընթացքին` դիտել տալով, որ իրենց հարազատները ազատ արձակելու բանակցութիւններով կը զբաղի Արսալի փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթին:
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի իր կարգին ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները:
Ռիֆի շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն կեանքը ամէն բանէ սուղ է, եւ այդ թղթածրարին լուծումը պէտք է ապահովել փոխանակումներու ճամբով:
Ռիֆի ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները հաստատած են, որ բանակայիններուն նեցուկ կը կանգնին` աւելցնելով, թէ անոնցմէ շատեր նաեւ համաձայն են առեւանգուած բանակայինները փոխանակումներու ընդմէջէն ազատ արձակելու սկզբունքին:
Այս շրջագիծին մէջ Ռիֆի շեշտեց, որ ինք կը վստահի Ֆլիթիի եւ կը փափաքի անոր վստահիլ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցելու պարտականութիւնը` աւելցնելով, որ Ժապհաթ Նուսրայի հետ բանակցութեան կապեր արդէն գոյութիւն ունին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին հաստատեց, որ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր զինք տեղեակ պահած է, թէ Ահմետ Ֆլիթի ներկայացուցած է լուծման լաւ տարբերակ մը, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին վերջնական լուծում պիտի տրամադրէ:
ՆՇԵՆՔ սակայն, որ երեկոյեան ժամը շուրջ 8:00-ին Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատուներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով բանակցութիւնները սառած են եւ իրենց հետ բանակցող ոչ մէկ միջնորդ կայ:

