Մուքպել Եւ Զօր. Քահուաժի Այցելեցին Նաքուրա
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել` ընկերակցութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, երէկ ուղղուեցաւ Նաքուրա, ուր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան մանրամասնութիւնները:
Մուքպել դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն առաքելութիւնը եւ անոնց ստանձնած պատասխանատուութիւնն ու բծախնդիր աշխատանքը, լիբանանեան բանակին անոնց զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով ցուցաբերուած յանձնառութիւնը:
Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Մուքպել եւ զօր. Քահուաժի շնորհաւորեցին զօր. Փորթոլանոն:

