Պէյրութի Մէջ . «Կը Մաղթենք, Որ Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Լուծուի, Իսկ Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծման Նպատակով Կը Գործակցինք Ռուսիոյ Հետ» Շեշտեց Լարիժանի

1222_berri_larijaniԻրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Պէյրութ:

Դամասկոսէն անմիջապէս Լիբանան ուղղուած իրանցի պաշտօնատարը հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանեան իշխանութեան երկու պետերուն հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց իրանեան դեսպանատուն եւ Լիբանանեան համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունք:

Համալսարանին մէջ տուած իր դասախօսութեան ընթացքին Լարիժանի հաստատեց, որ շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնն ու Իսրայէլը նոյն մետալին երկու կողմերը կը ներկայացնեն:

Ան ցաւ յայտնեց ջախջախուած ալճերիական օդանաւի զոհերուն համար` ընդգծելով, որ Իրան մնայուն կերպով զօրակցած է Լիբանանի, յատկապէս անոր ճգնաժամային պահերուն, որովհետեւ շրջանին մէջ Լիբանան իր ազդեցութիւնը ունի եւ Միջին Արեւելքի մէջ կը ներկայանայ իբրեւ Իսրայէլի դէմ տոկացած ու գոյատեւած երկիր մը, որ 2006-ին սիոնական գոյացութեան դասեր տուաւ:

Լարիժանի հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Հըզպալլան, Համասը եւ Դիմադրութիւնը հզօր են, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի նման ահաբեկչական հոսանքները` քանդիչ:

Անդրադառնալով սուրիական տագնապին` Լարիժանի հաստատեց, որ թնդանօթներով կարելի չէ երկրին քաղաքական եւ ընկերային հարցերը լուծել:

Ան ընդգծեց, որ անկարելի է Սուրիոյ տագնապին զինուորական լուծում մը ապահովել:

Իր կարգին, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն յոյս յայտնեց, որ Իրան ներդրում ունենայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ շրջանին անվտանգութեան մէջ:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լարիժանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց իրանցի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային հարցերը` լուսարձակի տակ առնելով Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, ապահովական կայունութեան սպառնացող մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Այն Թինէի մէջ Լարիժանի հաստատեց, որ Իրան կը գնահատէ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը` լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ մերձեցում ստեղծելու առումով:

Ան ընդգծեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կը հաւատան Դիմադրութեան կարեւոր դերակատարութեան:

Իր կարգին Պըրրի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական հարցը ներքին է եւ ոչ թէ աշխարհագրական: Ան հաստատեց, որ բաց սահմաններով այդ հարցը կարելի պիտի չըլլայ լուծել:

Պըրրի ողջունեց իրանեան պատուիրակութեան կատարած այցելութիւնը` ընդգծելով, որ շրջանին սպառնացող ահաբեկչութիւնը կը միտի քանդել Միջին Արեւելքը եւ ոչնչացնել անոր բազմազանութիւնը` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ լուծել զինուորական կերպով:

Պըրրի բարձր գնահատեց նաեւ Դիմադրութեան դերակատարութիւնը եւ անոր նկատմամբ Թեհրանի ցուցաբերած զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը:

Մամլոյ Ասուլիս

Ալի Լարիժանի իր կատարած պաշտօնական այցելութիւնը աւարտեց «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսով մը:

Ան հաստատեց, որ Իրան կը գործակցի Ռուսիոյ հետ` Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու նպատակով. «չենք հաւատար, որ ժողովրդավարութիւն հաստատելու համար պէտք է զէնքի ուժի դիմել», ըսաւ ան:

Լարիժանի նշեց, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ոչ մէկ համաձայնութիւն կայ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով:

Լարիժանի մաղթեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը լուծուի:

 

Share this Article
CATEGORIES