Երեւանի Գլխաւոր Տօնածառը Լուսաւորուեցաւ
Մայրաքաղաքի գլխաւոր տօնածառը այս տարի ունի 32 մեթր բարձրութիւն, գագաթի աստղը ութանկիւն է, ինչպէս նախորդ տարիներուն: Տօնածառի զարդարանքի գոյները փոխուած են այս տարի, եւ գերակշռող է տարուան խորհրդանիշը` ոսկեգոյնը:
Տօնածառի լուսաւորումը տեղի ունեցաւ 22 դեկտեմբերի երեկոյեան` Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ մեծաթիւ քաղաքացիներու մասնակցութեամբ. այս արարողութեան յաջորդեց համերգ: Լոյսերու վառելէն առաջ երեխաները խաղալիքներ կախեցին ծառին վրայ: Միեւնոյն ատեն վառեցան նաեւ լոյսերը այն ծառերուն, որոնք զետեղուած են մայրաքաղաքի 12 վարչական շրջաններուն մէջ:
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տօնածառ դնելու աւանդութիւնը սկսած է խորհրդային տարիներուն: Հանրապետութեան գլխաւոր տօնածառը 1950 թուականին ունէր բոլորովին այլ տեսք: Այսօրուան տօնածառին հետ բաղդատելով` անիկա փոքր էր, բայց ամբողջական մէկ ծառ էր, ի տարբերութիւն վերջին տարիներուն, երբ մայր տօնածառը կը կազմուի տարբեր ճիւղերէ:

