Ռէալ Մատրիտի Այս Տարուան Շահը` 65 Միլիոն Եւրօ
Միջազգային մարզական լրատու գործակալութիւններ նախորդ շաբաթավերջին անդրադարձան Ռէալ Մատրիտի այս տարուան շահած ընդհանուր գումարին` նշելով, որ արքայական ակումբը ապահովեց 65 միլիոն եւրօ արժողութեամբ զուտ շահ մը: Անոնք յայտնեցին, որ պէտք է նկատի առնել այն, որ անիկա 2014-ին տիրացաւ 4 տիտղոսներու` «Չեմփիընզ լիկ», «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակ, Սպանիոյ բաժակ եւ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւն:
«Մարքա» աւելցուց, որ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած ըլլալուն, Ռէալ Մատրիտի իւրաքանչիւր մարզիկ պիտի ստանայ` 150,000 եւրօ պարգեւ:
CATEGORIES Մարզական

