929 Միլիոն Դրամ`. Մարզական 32 Ֆետերասիոններուն

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն ArmSport.am տեղեկացաւ, որ հաստատուեցաւ 2015-ին, Հայաստանի մարզական ֆետերասիոններուն յատկացուելիք գումարներուն չափը:

Հայաստանի 32 մարզական ֆետերասիոնները 2015-ին պետական պիւտճէէն պիտի ստանան 929 միլիոն դրամ:

Հայաստանի կառավարութիւնը մարզական պիւտճէն չէ աւելցուցած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 2015-ին, կարգ մը ֆետերասիոններ դարձեալ դէմ յանդիման պիտի կանգնի լուրջ խնդիրներու` նկատի ունենալով, որ արտասահման մեկնիլը եւ միջազգային մրցաշարքերուն մասնակցիլը բաւական սղած է:

Ամէնէն մեծ գումարը ստացաւ ըմբշամարտի ֆետերասիոնը` 220 հազար դրամ, ապա ծանրաբարձութեան` 165 հազար դրամ, կռփամարտ` 110 հազար դրամ: Անոնց կը յաջորդեն ժիւտոն (71 հազար դրամ), ճատրակ (57 հազար դրամ), մարմնամարզութիւն (35 հազար դրամ) եւ այսպէս շարքը կը շարունակուի` հետզհետէ գումարը նուազելով:

Բազմաթիւ ֆետերասիոններ սակայն պիտի ստանան պարզապէս ձեւական գումարներ, որովհետեւ անոնց համար պարզապէս անհնար է հասնիլ պահանջուած արդիւնքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES