Ֆութսալ. Առաջին Երեք Դիրքերը Գրաւողները` Յաղթական

Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան 21-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանին ծիրին մէջ դասաւորման առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը յաղթանակներ արձանագրեցին: Այս մէկը բնականաբար պատճառ դարձաւ, որ անոնց միջեւ կէտերու տարբերութիւնը մնայ անփոփոխ:

Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ախոյեան Պէյրութի դրամատունը հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թրիփոլի Ֆայհան:

2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մայյատին 8-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Կանըրզ Լեպանոնը, մինչ լիբանանեան բանակը (3-րդ)` Ռոպիհը` 11-1 արդիւնքով:

Սեն Ժոզեֆ յաղթեց Ալամունի (2-0), իսկ Ղըպէյրի` «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ին (5-1):

Ստորեւ` դասաւորումը.-

ՄՐՑ. ԿԷՏ
1.- Պէյրութի դրամատուն 19 55
2.- Մայյատին 19 52
3.- Լիբանանեան բանակ 19 46
4.- Թրիփոլի Ֆայհա 19 35
5.- Սեն Ժոզեֆ 19 27
———————————
10.- Ղըպէյրի 19 15
11.- Ռապիհ 18 3
Share this Article
CATEGORIES