Գասպարով. «Արտասահման Չտեղափոխուելու Պարագային, Պայմանագիր Պիտի Կնքեմ Միքային Հետ»

1222_kasparovՀայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին բերդապահ Գէորգ Գասպարով ներկայիս ազատ մարզիկի կարգավիճակ ունի` նկատի ունենալով, որ Միքայի հետ փորձառու ֆութպոլիստին պայմանագիրը աւարտեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին կէսէն ետք:

Հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am նշեց, որ ան ներկայիս տարբերակներ կը փնտռէ արտասահմանեան ակումբ տեղափոխուելու համար: Սակայն եթէ այդ մէկը տեղի չունենայ, ան նոր պայմանագրութիւն մը պիտի կնքէ Միքայի հետ:

Միքայի հետ մնալու պարագային, Գասպարով կէս տարուան նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ:

Share this Article
CATEGORIES