Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-Ի Աջակցութեամբ
Թումանեան Շրջանին Մէջ Բացուած Է
Ստեղծագործարան

IMG_0781 «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի (COAF) համագործակցութեան շնորհիւ իրականութիւն դարձած է Լոռիի մարզի Թումանեան համայնքի փոքրիկներուն երկար սպասած երազը. համայնքի դպրոցին մէջ բացուած է ստեղծագործարան, որմէ պիտի օգտուին ոչ միայն դպրոցին բոլոր աշակերտները եւ ուսուցիչները, այլ նաեւ` դրացի գիւղերու պատանիները:

Ստեղծագործարանը կրթութեան արդի պահանջներուն համապատասխանող դասարան է` յագեցած ելեկտրոնային գրատախտակով (սմարթ պորտ), ժամանակակից համակարգիչներով, ինչպէս նաեւ` յատուկ շարժական կահոյքով: Անիկա աշակերտներուն կարելիութիւն կու տայ կատարել ինչպէս անհատական, այնպէս ալ զոյգերով կամ խմբային աշխատանք:

Ստեղծագործականութիւնը խթանող նման միջավայր մը կարելի կը դարձնէ բազմանպատակ գործունէութեան իրականացումը, տարբեր աշխատանքներու համադրումը, որոնց կարգին` համակարգիչի եւ արհեստագիտութեան միջոցով դաս, քննարկում եւ դասի մատուցում, ընթերցանութիւն եւ խաղ, իմացական գործունէութեան կազմակերպում: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի համագործակցութեամբ իրականացուող ծրագիրները կը նպատակադրեն նաեւ նպաստել գիւղական համայնքներու հաւասարաչափ զարգացման եւ դպրոցները համալրել տեղեկատուական եւ հաղորդակցական արհեստագիտութեամբ:

Թումանեանի ստեղծագործարան արհեստագիտութեան բոլոր սարքերով օժտուած հինգերորդ կրթասրահն է, որ իրականութիւն կը դառնայ «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ին եւ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամին շնորհիւ: 2013-2014  նոյն ծրագիրէն օգտուած են Արմաւիրի մարզի Սարդարապատ, Վանանդ եւ Հացիկ, ինչպէս նաեւ Արագածոտնի մարզի Արտենի համայնքի երեխաները:

Իր խօսքին մէջ «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան նշած է. «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կարեւոր կը համարէ այն ամէնը, ինչ կը վերաբերի փոքրիկներուն կրթութեան, ապագային եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ այդպիսի նախագիծերու իրականացմանը: Մարզերու մէջ ապրող փոքրիկներու համար յատկապէս անհրաժեշտ է հասանելի դարձնել կրթական գործիքները, տեղեկատուական աղբիւրները, սատար կանգնիլ անոնց` պատշաճ կրթութիւն ստանալու եւ հայրենիքի մէջ լիարժէք ապրելու եւ աշխատելու կարելիութիւն ստեղծելու հարցին մէջ: Այս նախագիծը եւս մէկ քայլ է այդ նպատակները իրականացնելու ճանապարհին»:

Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Անուշ Եդիգարեանի գնահատմամբ, «Հայաստանի մէջ ստեղծագործարաններու հիմնադրման եւ տարածման գաղափարը COAF-ինն է` ուսման համար գրաւիչ եւ նպաստաւոր պայմաններու ապահովման եւ երիտասարդ սերունդին արդի կրթական կարելիութիւններու ընձեռման նպատակով: Հիմնադրամի համապարփակ զարգացման ծրագիրներու կրթական բաղադրիչի իրականացման փորձը եւ վերլուծութիւնը ցոյց կու տան, որ այսպիսի ոգեշնչող նախաձեռնութիւնները կ՛աւելցնեն աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը ուսման նկատմամբ եւ կը նպաստեն յառաջադիմութեան բարձր արդիւնքներու»:

Թումանեան շրջանը ունի կրթուած բնակչութիւն եւ մեծ կարեւորութիւն կու տայ ուսման: Տեղւոյն դպրոցին մէջ կ՛ուսանին 124 աշակերտներ: Նորաբաց ստեղծագործարանը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կրթութեան եւ երիտասարդներու հմտութիւններու զարգացմանը: Աւելի՛ն. նկատի առնելով, որ Թումանեանը կը գտնուի Երեւան-Թիֆլիս մայրուղիին վրայ, եւ անոր դիրքը ռազմավարական նշանակութիւն ունի, ստեղծագործարանը պիտի ծառայէ նաեւ Լոռիի մարզի Թումանեանի ամբողջ տարածաշրջանի բնակչութեան:

Կայացած Է «Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը
Երեւանի Մէջ» Ցուցահանդէս-Տօնավաճառը

1217SouryahayMshaguytԴեկտեմբեր 17-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն» կազմակերպութեան եւ Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» ամանորեայ բարեսիրական ցուցահանդէս-տօնավաճառի բացման արարողութիւնը: 8-րդ տօնավաճառին կը մասնակցէին ձեռագործի սուրիահայ վարպետներ եւ հրուշակագործներ: Իրենց ապրանքատեսակները ներկայացուցին նաեւ Հայաստանի մէջ արտադրութեան կեդրոններ հիմնած սուրիահայերը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Յաջողութիւն մաղթելով ցուցահանդէսի մասնակիցներուն` ան մասնաւորապէս նշեց. «Դուք ձեր հայրենիքին մէջ էք, ձեր հողին վրայ եւ ձեր տանը մէջ, եւ մենք կը կատարենք ամէն ինչ, որպէսզի դուք զարգացնէք ձեր գործը, կատարելագործէք ձեր հմտութիւնները, նոր ձեռքբերումներ եւ նաեւ նոր ստեղծագործական մտայղացումներ կեանքի կոչէք»:

Նախարարը շնորհաւորեց Նոր տարին` մաղթելով, որ անիկա ըլլայ մեր ազգին, մեր ժողովուրդին, մեր պետութեան վերածնունդի, զարգացման եւ յառաջընթացի տարի:

Հազարաւոր Կեանքերու Փրկարար Սրտաբան
Հրայր Յովակիմեան Պարգեւատրուեցաւ

1224hrayr«Մարդու սիրտը գերելը հեշտ է, շատեր կը յաջողին, իսկ ահա սիրտը փրկելը` միայն բացառիկներուն վերապահուած է: Բացառիկներէն է նաեւ սրտի վիրաբուժ Հրայր Յովակիմեանը, որ 20 տարի առաջ եկաւ Հայաստան եւ իր խումբին շնորհիւ աւելի քան 20 հազար մարդու կեանք փրկեց եւ կը շարունակէ փրկել: Ալպերթ Սթարի ակադեմական կեդրոնի առաջատար սրտի վիրաբուժ Հրայր Յովակիմեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ձգեց ամէն ինչ եւ եկաւ Հայաստան` իր օգնող ձեռքը մեկնելու հայ ժողովուրդին, Հայաստանի մէջ սրտի վիրահատութեան ծառայութիւն ստեղծելու: Այսօր Հայաստան ունի այդ ծառայութիւնը. ուղիղ 20 տարի առաջ ստեղծուեցաւ «Նորք-Մարաշ» բժշկական կեդրոնը», կեդրոնի 20-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկի ժամանակ ներկայացնելով անուանի բժիշկը` այս գնահատականները հնչեցուց հաղորդավարը:

Կեդրոնին մէջ կը կատարուին սրտի տարբեր վիրահատութիւններ (բացառութեամբ սրտի փոխպատուաստում): Վիրահատութիւնները կը կատարուին անկախ հիւանդի տարիքէն եւ ծանրութենէն: Կեդրոնը յագեցած է անհրաժեշտ եւ ժամանակակից սարքաւորումներով, նախատեսուած` լիարժէք ախտորոշման եւ վիրաբուժական բուժման համար: Առաջին վիրահատութիւնը տեղի ունեցած է 1994 թուականի յունիսին:

«Ցնծութիւն էր մեզի համար», կը յիշէ կեդրոնի տնօրէն Լիտիա Մուրատեան: Վիրահատուողը եղած է փոքրիկ:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ կեդրոնի 20-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկ կազմակերպուած էր: Ձեռնարկին սկիզբը ցուցադրուեցաւ կեդրոնի 20-ամեայ գործունէութեան մասին պատմող շարժապատկեր, այնուհետեւ Լիտիա Մուրատեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց կեդրոնին ստեղծման պատմութիւնը:

«Մեր վիրաբուժները կը պատրաստուին այստեղ, պարբերաբար կը վերապատրաստուին Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու յայտնի հիւանդանոցներուն մէջ: Մեր կեդրոնը իր կառուցուածքով, չափորոշիչներով չի զիջիր եւրոպական հիւանդանոցներուն, մեր վիրաբուժները իրենց մասնագիտական կարողութիւններով չեն զիջիր եւրոպացի եւ ամերիկացի մասնագէտներուն», ըսած է կեդրոնին տնօրէնը:

Ան վստահեցուցած է, որ կեդրոնը ինչպէս առաջ, հիմա, այնպէս ալ հետագային պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը` ի շահ հիւանդին, ի շահ ժողովուրդին, պիտի նպաստէ առողջապահութեան համապատասխան ծրագիրներու ապագայ իրականացման:

Այսօր բազմաթիւ մարդոց կեանքը փրկած Հրայր Յովակիմեան ստացաւ իր արժանի պարգեւը` անձամբ Հանրապետութեան նախագահի ձեռքէն, որ ներկայ էր տօնական ձեռնարկին: Առողջապահութեան բնագաւառին մէջ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն, ներդրած անձնական մեծ աւանդին, մասնագիտական բարձր հմտութիւններու համար սրտային վիրաբուժ Յակոբ Յովակիմեան պարգեւատրուեցաւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» երկրորդ աստիճանի մետալով:

Պարգեւներու արժանցան կեդրոնի այլ մասնագէտներ եւս:

Նշենք, թէ հայ անուանի բժիշկ, սրտային վիրաբուժ Հրայր Յովակիմեան ծնած է 13 մայիս 1953-ին, Հալէպ, Սուրիա: 1977-ին աւարտած է Հալէպի համալսարանի բժշկական ամպիոնը:

1977-1984 թուականներուն վերապատրաստուած է Նիւ Եորքի Պեքմընի համալսարանին մէջ:

1993-ին «Նորք-Մարաշ» բժշկական կեդրոնին մէջ հիմնած է մանկական սրտավիրաբուժութեան բաժին:

 

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ`
Լաւագոյն Հրապարակում» Անուանակարգով Մրցութային
Յանձնաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Դեկտեմբեր 18-ին տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան և Ռուսիոյ հայերու միութեան նախաձեռնութեամբ յայտարարուած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` լաւագոյն հրապարակում» անուանակարգով մրցութային յանձնախումբին անդրանիկ նիստը: Յանձնախումբին աշխատանքներուն հեռակապով մասնակցեցան Լիբանանէն` Շահան Գանտահարեանը, Միացեալ Նահանգներէն` Յակոբ Վարդիվառեանը, Ռուսիայէն` Գրիգոր Անիսոնեանը, Ուքրանիայէն` Մարատ Յակոբեանը, Չեխիայէն` Յակոբ Ասատրեանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեանը: Նիստը, որուն ներկայ էին  յանձնախումբի անդամ, սփիւռքի նախարարութեան պատասխանատու աշխատակիցներ եւ ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի նախագահ Նաղաշ Մարտիրոսեանը, վարեց Հայաստանի լրագրողներու միութեան եւ յանձնախումբի նախագահ Աստղիկ Գէորգեանը:

Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վ. Վարդանեանը ներկայացուց մրցոյթին նոր պայմանները, ներկայացուած 33 դիմումներն ու անոնց մէջ առկայ թերութիւնները: Ան նշեց, որ նկատի առնելով թեմային կարեւորութիւնը` այս մրցոյթին, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն,  մասնակցութեան իրաւունք վերապահուած է այն լրատուամիջոցներուն, որոնք նախորդ մրցանակաբաշխութիւններուն ատեն դարձած են մրցանակակիրներ եւ վերցուած է «լրատուամիջոցը պէտք է ունենայ առնուազն 3 տարուան գործունէութիւն» դրոյթը:

Քննարկումներուն ընթացքին ճշգրտուեցան շարք մը կազմակերպչական և ընթացակարգային հարցեր: Մասնաւորապէս առաջարկուեցաւ մրցոյթին արդիւնքներու ամփոփումը յետաձգել 2015 թուականի ապրիլեան իրադարձութիւններէն ետք, որպէսզի աւելի շատ թիւով լրատուամիջոցներու աշխատանքներ կարելի ըլլայ դիտարկել այս իմաստով, սակայն այս առաջարկը ներկաներուն կողմէ միաձայնութեամբ չէ, որ ընդունուեցաւ:

Առաջարկուեցաւ նաեւ աշխատանք տանիլ օտարագիր հայ լրատուամիջոցներուն հետ և լաւագոյն հրապարակումները ընտրելու ատեն յատկապէս նկատի առնել անոնց ներկայացուցած դիմումները, քանի որ անոնք են, որ օտարին բարձր մակարդակով կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին ցաւն ու պահանջատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ չանտեսել, այլ կարեւոր նկատել Ցեղասպանութեան իրաւական հետեւանքներուն վերաբերող, երիտասարդական եւ մանկապատանեկան մամուլի ուշագրաւ հրապարակումները:

Կայացաւ Սփիւռքահայութեան Հետ
Մշակութային Կապի Կոմիտէի Հիմնադրման
50-
Ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն

Վերջերս Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի հիմնադրման 50-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, որուն մասնակցած էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասարեանը, պետական, հասարակական գործիչներ, սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներ, գիտնականներ, մտաւորականներ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան բարձր գնահատած է կոմիտէի անցած ուղին եւ անոր դերը հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան պատմութեան մէջ, այնուհետեւ ան տեսապատկերաշարով ներկայացուցած է կոմիտէին գործունէութիւնը, իրականացուցած ծրագիրները, կառուցուածքը եւ ձեռքբերումները:

Նախարարը նշած է, որ 1960-ական թուականներուն հայ ժողովուրդը հոգեւոր զարթօնք կ՛ապրէր եւ այսպիսի կառոյցի մը ստեղծումը կենսական անհրաժեշտութիւն էր: 1964 թուականին Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Եակով Զարոբեանի անմիջական աջակցութեամբ եւ Հայաստանի առաջադէմ ուժերու ջանքերով ստեղծուած է սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն, որուն նախագահ նշանակուած է Վարդգէս Համազասպեանը: Կոմիտէն իր գոյութեան ընթացքին երեք նախագահ ունեցած է, բոլորն ալ` գիտնականներ եւ պետական գործիչներ: Համազասպեանի գործը շարունակած են Կառլեն Դալլաքեանը եւ Հրաչիկ Սիմոնեանը: Կոմիտէն լայնածաւալ եւ համընդգրկուն գործունէութիւն կը ծաւալէ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայկական մշակոյթի տարածման, հայրենիքի եւ սփիւռքի փոխճանաչողութեան ուղղութեամբ:

Հաղորդենք, որ կոմիտէն բաղկացած էր մասնագէտներէ` գրագէտ, հմուտ եւ շրջահայեաց աշխատակիցներէ: Կառոյցին շուրջը հաւաքուած էր Հայաստանի եւ սփիւռքի ամէնէն տաղանդաւոր արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու ողջ սերուցքը եւ բոլորը անխտիր աշխատած եւ իրենց աւանդը բերած են հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման, ազգային հարցերու լուծման գործին, ինչպիսիք են` Վիքթոր Համբարձումեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Պարոյր Սեւակ, Ուիլիըմ Սարոյեան, Ալեք Մանուկեան, Գառզու, Սեն Արեւշատեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Մօրուս Հասրաթեան, Էդուարդ Միրզոյեան, Ալիսիա Կիրակոսեան եւ ուրիշներ:

Նախարարը նշած է, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը իր ստեղծման առաջին իսկ օրերէն փորձած է կիրարկել կոմիտէին բարի աւանդոյթները եւ փորձը:

Բանաստեղծ, կոմիտէի աշխատակից Ռազմիկ Դաւոյեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան` սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի 50-ամեակի ձեռնարկը կազմակերպելուն համար, անհրաժեշտ նկատած է կոմիտէին գործունէութիւնը հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման գործին մէջ եւ ներկայացուցած է իր յուշերը:

Ելոյթ ունեցած են եւ իրենց յուշերն ու տպաւորութիւնները ներկայացուցած են սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախկին աշխատակիցներ` Պետրոս Պետրոսեան, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Նաւասարդեան, Սէյրանուհի Գեղամեան, Արթուր Նաւասարդեան:

Ելոյթ ունեցած են նաեւ այն արուեստագէտները, որոնք մասնակցած էին կոմիտէին կողմէ սփիւռքեան համայնքներու մէջ իրականացած ծրագիրներուն` թաւջութակահարուհի Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Մետիա Աբրահամեանը, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ռուբէն Մաթեւոսեանը, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, ասմունքող Սիլվա Եուզպաշեանը, որոնք ողջունած են ներկաները` իրենց կատարումներով:

Նախարարութիւնը կազմակերպած էր կոմիտէին գործունէութիւնը ներկայացնող լուսանկարներու եւ պարգեւներու ցուցահանդէսը:

Ցուցադրուած է նաեւ կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Ուիլիըմ Սարոյեանի` Հայաստան կատարած այցելութեան մասին տեսաժապաւէն:

Ձեռնարկին աւարտին հայրենադարձ օփերային երգիչ Գէորգ Հաճեան մեկնաբանած է «Հայաստան» երգը:

2015-էն Կենսաթոշակները
14
Տոկոսով Պիտի Բարձրանան

1 յունուար 2015-էն Հայաստանի մէջ աշխատանքային կենսաթոշակը 14 տոկոսով պիտի բարձրանայ: 11 դեկտեմբերի կառավարութեան նիստէն ետք այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանը: Ան նշած է, որ կենսաթոշակը 36-էն 41 հազար դրամ պիտի դառնայ (ներկայի փոխարժէքով` 90 տոլարէն նուազ):

«Այսպէս, 1 յունուար 2015-էն նուազագոյն կենսաթոշակի չափը 14-էն կը բարձրանայ 16 հազար դրամի, իսկ աշխատանքի փորձառութեան վճարումները` 700-էն 800 դրամ` առաջին տասը տարուան եւ 450-էն 500 դրամ` հետագայ տարիներուն համար: 2015 թուականի յունուար 1-ին կը նախատեսուի նաեւ զինուորական կենսաթոշակներու յաւելում: Վերջինս 2014 թուականի ամրան արդէն բարձրացած էին: Այս քաղաքականութիւնը մենք կը շարունակենք ե՛ւ այս, ե՛ւ նպաստներու մասով», յայտնած է նախարարը:

Ստեղծուած Է Հայաստանի
Զարգացման Հիմնադրամ

 

Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է Արդիւնաբերութեան զարգացման հիմնադրամը եւ Հայաստանի Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը միաձուլման ձեւով վերակազմակերպել` ստեղծելով Հայաստանի զարգացման հիմնադրամ: Վերջինիս հիմնադիրն է Հայաստանի Հանրապետութիւնը` ի դէմս Հայաստանի կառավարութեան, որուն լիազօրուած մարմինն է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը: Հաստատուած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի կանոնադրութիւնը, նշանակուած` տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Որոշման ընդունումը առիթ պիտի տայ աւելի համակարգուած ձեւով գործադրելու երկրի տնտեսութեան զարգացման եւ մրցունակութեան բարձրացման ծրագիրները, առաւել նպատակային կերպով ծախսելու ֆինանսական միջոցները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )