Հայաստան Ու Ազրպէյճանը` Աշխարհի Ամէնէն Ռազմականացած Երկիրներու Տասնեակին Մէջ

1224militaristՌազմաքաղաքական հետազօտութիւններով զբաղող Պոննի Քոնվերսիայի միջազգային կեդրոնը հրապարակած է Ռազմականացման 2014 թուականի ցուցակը, որուն մէջ ճշդուած է 2013 թուականին աշխարհի 149 երկիրներու ռազմական կարգավիճակը:

Համաշխարհային վարկանիշին մէջ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը յայտնուած են ամէնէն ռազմականացած երկիրներու առաջին տասնեակին մէջ. Հայաստան 3-րդ դիրքի վրայ է` ռազմականացման 782.99 կէտով, իսկ Ազրպէյճան` 5-րդ: Վարկանիշի կազմութեան գլխաւոր ցուցանիշներէն մէկը երկրի համախառն ներքին արտադրութեան հետ բաղդատելով` ռազմական ծախսերու մակարդակի յարաբերակցութիւնն է:

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը վերջին տարիներուն աւելցուցած են իրենց ռազմական պիւտճէները: Նաեւ ընդգծուած է, որ Ռուսիան երկու երկիրներուն ալ զէնք կը մատակարարէ: Փորձագէտներուն կարծիքով, իրավիճակը վտանգաւոր է եւ դերակատարները պէտք է միջամտեն հետագայ լարուածութիւնը կանխարգիլելու համար: Սակայն, ըստ անոնց, Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմականացումը պէտք է դիտուի ընդհանուր պարունակին մէջ: Անոնք այդ մէկը կը կապեն ռազմական բարեփոխումներու հետ, զորս 2008-էն կը կատարէ Ռուսիան` արդիականացնելով սպառազինութիւններու համակարգը եւ աւելցնելով պաշտպանական ձեռնարկութիւններուն հզօրութիւնը:

Աշխարհի ամէնէն ռազմականացած երկիրը կը նկատուի Իսրայէլը: Տասնեակին մէջ յայտնուած են նաեւ` Սինկափուրը, Սուրիան, Կիպրոսը, Հարաւային Քորեան, Յորդանանը եւ Յունաստանը: Միացեալ Նահանգներ կը գրաւեն 31-րդ դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )