Հնդկաստանի Մէջ Աւելի Քան Երեսուն Մարդ Մահացած Է Արտասովոր Ցուրտին Պատճառով
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ արտասովոր ցուրտ եղանակ տիրած է Հնդկաստանի հիւսիսային Ութար Փրատեշ նահանգին մէջ, ուր ցուրտերու պատճառով 31 մարդ մահացած է:
«Զիի Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած է, որ ութ մարդ մահացած է նահանգի արեւելքը, ուր երկու օրուան ընթացքին ջերմաստիճանը իջած է մինչեւ զերոյէն վեր հինգ աստիճան, վեց ուրիշներ մահացած են Աուտի մարզին մէջ, չորս հոգի` Մերաթ եւ Քանփուր բնակավայրերուն մէջ, եօթը` Մորատապատ քաղաքին մէջ, վեցը` Ալիկարհի մէջ:
Աւելի քան 150 գնացքներու երթեւեկը չեղեալ յայտարարուած է ջերմաստիճանի նուազումին եւ թանձր մառախուղներուն պատճառով: Նաեւ չեղեալ յայտարարուած են շարք մը թռիչքներ, դժուարացած է մարդատար փոխադրամիջոցներու երթեւեկը:
Իշխանութիւնները որոշած են մինչեւ 28 դեկտեմբեր փակել տեղական դպրոցները: Օդերեւութաբաններու տուեալներով` տարածաշրջանի համար արտասովոր ցուրտ եղանակը պիտի շարունակուի քանի մը օր եւս:

