«Ամերիկայի Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Պիտի Թունաւորուին Տասնամեակներ Շարունակ» Կ՛ըսէ Մետվետեւ
«Նիուզ.ռու» կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրութեամբ մը յայտարարած է, որ Ռուսիան պիտի պատասխանէ այն պատժամիջոցներուն, զորս Միացեալ Նահանգներ սահմանած է Խրիմի դէմ: Ան գրած է, որ այժմ Ամերիկայի հետ «յարաբերութիւնները պիտի թունաւորուին տասնամեակներ շարունակ»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահը ստորագրած է հակառուսական օրէնք մը, որ իրաւունք կու տայ ամերիկացի ոեւէ նախագահի, որեւէ ժամանակ պատժամիջոցներ կիրարկելու մեր երկրին դէմ: Ինչպէս եղաւ Ճեքսըն-Վենիքի օրէնքի պարագային, այս անգամ ալ Ամերիկայի հետ մեր յարաբերութիւնները պիտի թունաւորուին տասնամեակներ շարունակ», գրած է վարչապետը:
Մետվետեւ յիշատակած է նաեւ Ուքրանիոյ ոչ յանձնառու կարգավիճակէն հրաժարիլը, որ երկիրի նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ ուղարկած է Գերագոյն ռատա: Ռուսիոյ վարչապետը կը վստահեցնէ, որ այդ փաստաթուղթը, ըստ էութեան, կը նշանակէ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւն, իսկ Քիեւը կը դառնայ Մոսկուայի կարողական ռազմական հակառակորդ:
«Այդ երկու որոշումները ծայրայեղ բացասական հետեւանքներ պիտի ունենան: Եւ մեր երկիրը ստիպուած պիտի ըլլայ արձագանգել անոնց», նշած է Մետվետեւը:

