Փութին Վաւերացուցած Է Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցութեան Վերաբերող Համաձայնագիրը

1223_Putin«Մք.ռու» կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու վերաբերող համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքը: Փաստաթուղթը տեղադրուած է իրաւական տեղեկատուութեան պաշտօնական կայքին վրայ:

Փաստաթուղթը կը նախատեսէ, որ Հայաստանը պիտի միանայ Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին պայմանագիրին, ինչպէս նաեւ` այլ միջազգային փաստաթուղթերու, որոնք կնքուած են Մաքսային միութեան ծիրին մէջ:

Կը նախատեսուի վերանայիլ Հայաստանի սակագնային պարտաւորութիւնները` իբրեւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ:

Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն կողմէ 10 հոկտեմբեր 2014-ին:

Share this Article
CATEGORIES