Մինսքի Մէջ Այսօր Փութին-Փորոշենքօ- Հոլլանտ-Մերքել Բանակցութիւններ
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութին, Փիոթըր Փորոշենքօ եւ Ֆրանսուա Հոլլանտ, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հեռաձայնային բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնած են Մինսքի մէջ այսօր եւ 26 դեկտեմբերին կապի խմբակի հանդիպումը կատարել:
«Շարունակուած է կարծիքներու փոխանակումը Ուքրանիոյ հարաւարեւելքի մէջ տագնապի լուծման հարցերու շուրջ: Գոհունակութեամբ նշուած է, որ վերջին օրերուն հակամարտող կողմերը ընդհանուր առմամբ պահպանած են զինադադարի դրութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Էլիզէի պալատէն հաղորդած են, որ բանակցութիւններու մասնակիցները կարեւոր նկատած են զինադադարի դրութեան պահպանումը Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ, ծանր սպառազինութիւնները ետ քաշելը եւ բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւնը` կոչ ուղղելով հակամարտող կողմերուն շարժիլ քաղաքական երկխօսութեան ուղղութեամբ: Ասոնց կողքին` երկիրներուն ղեկավարները նաեւ յորդորած են աշխուժացնել գերիներու փոխանակումը եւ Մինսքի արձանագրութեան միւս կէտերը:
Բանակցութիւններուն թուականը «Թուիթըր»-ի վրայ հաստատած է նաեւ Ուքրանիոյ նախագահը: «Նորմանտական ձեւաչափով խօսակցութեան ընթացքին համաձայնեցանք Մինսքի մէջ եռակողմ կապի խմբակի հանդիպումը կատարել այս շաբթուան չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը», գրած է ան:
Ուքրանիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն նշած են, որ վերոնշեալ երկիրներուն ղեկավարները համաձայնած են հեռաձայնային խորհրդակցութիւնները շարունակել քանի մը օրէն:

