Սէուտական Արաբիա Չի Բացառեր, Որ Մէկ Տակառ Քարիւղի Գինի Ըլլայ 20 Տոլար

1223_oil«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ քարիւղի նախարար Ալի Նուայմի «Միտըլ Իսթ էքոնոմիքս սըրվէյ»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ քարիւղ արտահանող երկիրներու կազմակերպութիւնը` ՕՓԵՔ-ը, պիտի չնուազեցնէ արտահանումը, նոյնիսկ եթէ տակառ մը քարիւղին գինը 20 տոլարէն ալ նուազ ըլլայ:

«Ուր որ ալ հասնի գինը, արտահանման կրճատումը չի բխիր ՕՓԵՔ-ի անդամ արտադրողներու շահերէն», ըսած է ան` աւելցնելով. «Եթէ ատիկա իջնէ մինչեւ 20 տոլար, 40 տոլար, 50 կամ 60 տոլար, ատկէ գործի էութիւնը չի փոխուիր»:

Ըստ նախարարին, աշխարհը այլեւս երբեք կրնայ չտեսնել տակառ մը քարիւղը 100 տոլարով: «Եթէ Սէուտական Արաբիան նուազեցնէ արտադրութիւնը, գիները պիտի բարձրանան, եւ ռուսերը, պրազիլցիները ու Միացեալ Նահանգներու թերթաքարային քարիւղ արտադրողները պիտի գրաւեն շուկայի իմ բաժինս», ընդգծած է Նուայմի:

Ըստ անոր գնահատման, Արաբական Ծոցի երկիրներու պիւտճէները կրնան դիմանալ գիներու նուազեցման երկարատեւ ժամանակաշրջանի, որովհետեւ տարածաշրջանին մէջ արտահանման ինքնարժէքը տակառին դիմաց կը կազմէ 4-5 տոլար: Նախարարին համաձայն, առաջին հերթին պիտի տուժեն Պրազիլի, Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներու եւ Բեւեռի նախագիծերը: «Այնպէս որ ուշ կամ կանուխ, որքան ալ անոնք երկարեն, ի վերջոյ անոնց ելեւմտական հնարաւորութիւնները պիտի ստիպեն, որ կրճատեն արտահանումը», նախատեսած է ան:

«Մենք կ՛ուզենք աշխարհին ըսել, որ միայն քարիւղի արտահանման բարձր արդիւնաւէտութիւն ունեցող երկիրները արժանի են շուկային մէջ բաժին ունենալու», աւելցուցած է Սէուտական Արաբիոյ քարիւղի նախարարը:

Մինչդեռ ՕՓԵՔ-ի ընդհանուր քարտուղար Ապտալլա Սալեմ Պատրի, որ 21 դեկտեմբերին Ապու Տապիի մէջ մասնակցած է ուժանիւթի նուիրուած Արաբական 10-րդ խորհրդաժողովին, այն կարծիքը յայտնած է, որ քարիւղի գիները «կրնան վերականգնուիլ արդէն 2015-ի վերջաւորութեան»: «Մենք այժմ չենք կրնար պատշաճ կերպով գնահատել շուկային վիճակը», ընդգծած է ան` աւելցնելով. «Անհրաժեշտ է սպասել 2015-ի երկրորդ կիսուն` տեսնելու, թէ ատիկա ինչպէս պիտի արձագանգէ քարիւղի այսչափ ցած գիներուն»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ուժանիւթի նախարար Սուհէյլ Ֆարաժ Մազուրի իր կարգին յոյս յայտնած է, որ քարիւղի համաշխարհային շուկայի կացութիւնը բնականոն պիտի դառնայ մօտիկ ժամանակներուն:

«Մենք լիովին կը պաշտպանենք կայունանալու համար շուկային ժամանակ տալու ՕՓԵՔ-ի որոշումը: Յոյսով ենք, որ քարիւղ արտադրողները շուկային մէջ իրենց առաջարկը պիտի համապատասխանեցնեն հաւասարակշռութեան հասնելու անհրաժեշտութեան հետ: Այդ պարագային կացութիւնը բաւական արագօրէն պիտի բնականոնանայ», նշած է նախարարը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES