Ժեմայէլ Ընդունեց Թուրք Դեսպանը

1223_jemayel_inanՓաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ տագնապին զարգացումները, յատկապէս` միջազգային մակարդակով ի գործ դրուող ջանքերը, որոնք կը միտին լուծել այդ տագնապը:

Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ Ժեմայէլի հետ քննարկած են Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ միջազգային պատուիրակներուն Լիբանան կատարած այցելութիւններուն արդիւնքները:

Share this Article
CATEGORIES