Ապու Ֆաուր Եւ Ղազի Զաայթեր Կ՛այցելեն Պէյրութի Միջազգային Օդակայան
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթերի, երէկ այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայանի մառանն ու պահեստի սառնարանները:
Կատարուած այցելութենէն ետք, Զաայթեր շեշտեց, որ կացութիւնը նողկալի է, աւելցնելով, որ հոն կը գտնուին այնպիսի արտադրութիւններ, որոնց առողջապահական չափանիշները ամբողջացնելու ժամկէտէն երեք-չորս տարի անցած է եւ բոլորը պէտք է իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն:
«Պահեստի սառնարաններուն մէջ տիրող կացութիւնը ահռելի է, գարշելի ու խիստ մերժելի. ասիկա մահապատիժի սենեակ մըն է եւ կը վտանգէ մարդոց առողջութիւնը», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ այդ կառոյցը վերանորոգութեան կարիքը ունի:
Զաայթեր հաստատեց, որ այս այցելութեան լոյսին տակ իրենք պիտի տան որոշումներ, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ նորոգութիւններ կատարել:
Իր կարգին, Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ուտեստեղէնի առողջապահական չափանիշները ստուգելու առումով որքան խորանան, այդքան բացայայտ եւ շօշափելի կը դառնայ տիրող փտածութիւնը. ան հաստատեց, որ օդակայանի մառանն ու պահեստի սառնարանը պիղծ վիճակի մէջ են, եւ հոն կը գտնուին 1995-ի արտադրութիւններ:
«Հոտը գարշելի է, այն աստիճան որ ինքզինքդ աղբամանի մէջ կը զգաս եւ ոչ թէ ուտեստեղէնի մառանի: Ձուկերը, միսերը, դեղորայքն ու աղբը նոյն վայրին մէջ կը գտնուին», ըսաւ ան:
Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճաշարանները առողջապահական չափանիշը չեն ամբողջացներ:
Ան հաստատեց, որ պիտի հրահանգէ օդակայանի մէջ գոյութիւն ունեցող դեղորայքը գրաւել` արգիլելով անոնց Լիբանան մուտքը. ան նաեւ շեշտեց, որ պատասխանատուները հաշուետուութեան պիտի կանչուին:

