Տըրիան Այցելեց Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգ Իշխանին

1223_derian_ishkhanՀանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Սալման պըն Ապտել Ազիզի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ապտել Ազիզ իշխանը հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ երկիրը դուրս բերելու իր տագնապներէն:

Ապտել Ազիզ հաստատեց, որ Ռիատ նեցուկ կը կանգնի լիբանանցիներուն միասնականութեան ամրապնդումին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան:

Իր կարգին, շէյխ Տըրիան դրուատեց Սէուտական Արաբիոյ ունեցած դերակատարութիւնը` Արաբական աշխարհին, ինչպէս նաեւ Լիբանանին օժանդակելու առումով:

«Սէուտական Արաբիան չափաւորականութեան խորհրդանիշն է, եւ անոր կեցուածքները հաստատ են, իսկ ինք հետեւողական կը մնայ` արաբական եւ իսլամական հարցերուն հանդէպ: Ռիատ յանձնառու է արաբական եւ իսլամական գերագոյն շահերուն նկատմամբ», ըսաւ շէյխ Տըրիան:

Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքին` կառչած մնալու իր արմատներուն, ընդգծելով, որ քրիստոնեաները մաս կը կազմեն այդ երկրին եւ եղբայրաբար կ՛ապրին իսլամ համայնքին հետ:

Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ իշխանութիւնը իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ հաւասարապէս բաժնուած է` աւելցնելով, որ քրիստոնեաները պէտք է նախագահական ընտրութիւն կատարելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել երկրին ազգային միասնականութիւնը խորհրդանշող անձնաւորութիւնը, այլ խօսքով` հանրապետութեան նախագահը:

 

Share this Article
CATEGORIES