Միշել Սլէյման. «Լիբանանեան Երկխօսութիւնը Կը Դիւրացնէ Կառավարութեան Աշխատանքը»

1223_sleiman_skafՆախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ղազի Արիտին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի դեսպաններ Տէյվիտ Հէյլն ու Ալի պըն Համատ Մըրին:

Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան ղեկավար Էլիաս Սքաֆ եւ նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի եւս այցելեցին Սլէյմանի:

Իր ունեցած բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին, Միշել Սլէյման շեշտեց լիբանանեան երկխօսութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կը դիւրացնէ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը:

Սլէյման գնահատեց սէուտական-իրանեան երկխօսութեան զօրակցելու միջազգային ջանքերը, դրուատելով նաեւ եգիպտական-քաթարեան հաշտութեան քայլը:

Share this Article
CATEGORIES