Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Գումարեց Իր Նիստը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ` նախագահութեամբ զօր. Միշել Աունի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ համախմբումը կ՛ողջունէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ կայանալիք ամէն մակարդակի երկխօսութիւն` աւելցնելով, որ զօր. Աուն նախաձեռնած էր Մուսթաքպալ հոսանքին հետ երկխօսութեան` հաւատալով, որ ազգային որոշում գոյացնելու համար լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարիք կայ:
Անդրադառնալով Լիբանան այցելող միջազգային պատուիրակներուն` համախմբումը յայտնեց, որ այդ այցելութիւնները լուսաբանական են, «նուազագոյնը մեր պարագային, որովհետեւ մենք այս կամ այն ուղեգիծին հիման վրայ գործելու պարտադրանքին չենք ենթարկուիր եւ մեր կամքէն անկախ չենք գործեր», հաստատեց Ժրայսաթի:
Միացեալ Նահանգներու Եւ Սուրիոյ
Դեսպանները Այցելեցին Զօր. Աունի
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ սկսելիք երկխօսութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ տեղի ունենալիք հաւանական երկխօսութեան կայացումը:
Հանդիպումին ընթացքին Հէյլ դրուատեց եւ դրական գնահատեց լիբանանեան ներքին կեանքին վերաբերող այս ճիգերը:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան եւ սուրիական տագնապին կապուած հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը կրնայ նպաստել առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին լուծման. ան աւելցուց նաեւ, որ լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը եւս պիտի նպաստէ այդ հարցը լուծելու:
Սուրիոյ դեսպանը խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ ահաբեկչութիւնը` ընդգծելով, որ այդ ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ նաեւ ամերիկեան եւ արաբական երկիրներուն:

