Տօնական Օրերուն Առիթով, Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Բացին Ռիատ Սոլհի Ճամբան

1223_rayi_harazadnerԱռեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ երեկոյեան այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամին, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ տօնական օրերուն առիթով երկրին եւ լիբանանցիներուն իբրեւ նուէր պիտի բանան Ռիատ Սոլհ հրապարակի ճամբան, սակայն առանց վերջ տալու առեւանգուած բանակայիններուն հարցով յայտարարուած բաց նստացոյցին:

Պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ այս հանգրուանը պիտի ըլլայ լռութեան հանգրուան մը:

Նշենք, որ պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը իր զօրակցութիւնը յայտնեց պատուիրակութեան` շեշտելով, որ անոնք մեծ զոհողութիւններ կը կատարեն Լիբանանի համար:

«Առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին լուծումը անյետաձգելի է, եւ մենք կառավարութենէն կը պահանջենք յաւելեալ լրջութեամբ ու պատասխանատուութեամբ հետեւիլ այդ թղթածրարին լուծման, փոխանակում կատարել եւ առեւանգուած բանակայինները վերադարձնել իրենց ընտանիքներուն», ըսաւ Ռայի պատրիարք: Ան իր խօսքը ուղղելով ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի` անոնց թելադրեց ապահով պահպանել առեւանգուած բանակայինները, որոնք իրենց պարտականութիւնը կը կատարէին:

Պատուիրակութիւնը այցելեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի:

Հանդիպումէն ետք Քասեմ յայտնեց, որ բանակայիններուն հարցին լուծումը առաջնահերթ է` աւելցնելով, որ այդ իմաստով արձանագրուած տեղեկատուական մարզի բանակցութիւնները պէտք է վերջ գտնեն, եւ այդ թղթածրարին լուծումը յանձնուի կառավարութեան:

Ան շեշտեց, որ այդ իմաստով հարկ է լուռ մնալ` ընդգծելով, որ Հըզպալլա ճիգ պիտի չխնայէ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով:

Նշենք, որ Արսալի փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթի յայտնեց, թէ ինք առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի միջոցաւ ՏԱՀԵՇ-ի պահանջները փոխանցած է կառավարութեան եւ կը սպասէ անոր պատասխանին:

Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը ազգային բնոյթ ունի:

Share this Article
CATEGORIES