Լարիժանի Հանդիպումներ Ունեցաւ Մուքպելի Եւ Սէյիտ Նասրալլայի Հետ

1223_larijani_nasrallaԻրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանած էր Լիբանան, երէկ մեկնեցաւ Պաղտատ:

Մինչ այդ, ան նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Լարիժանի հաստատեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ Թեհրանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր պատրաստակամութիւնը` առանց նախապայմանի զինելու լիբանանեան բանակը եւ բաւարարելու զէնքի ու զինամթերքի անոր կարիքները:

Լարիժանի այցելեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի զարգացումները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի:

Share this Article
CATEGORIES