Վարչապետ Սալամ Կը Մաղթէ Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարել
Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, կառավարութիւնը վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամ մաղթած է նախագահական աթոռը թափուր պահելու կացութեան վերջ տալ եւ 2015-ի սկիզբն իսկ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
«Սալամ աւելցուց, որ թէեւ տօնական օրեր են, սակայն խոր ցաւ կը զգայ, որովհետեւ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը կը մնայ անլոյծ: Ան յոյս յայտնեց, որ բանակայինները մօտիկ ապագային ազատ արձակուին, եւ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատուի», ըսաւ Ժրէյժ:
Աղբերու թղթածրարին շուրջ քննարկումները յետաձգուեցան 8 յունուարին տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստին:
CATEGORIES Լիբանանեան

