Հայկական Խաղաղապահ Ուժեր Միացած Են ՖԻՆԻՒԼ-ին
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ Ա. Քոչարեանէն տեղեկացած է, թէ նոյեմբերէն ի վեր 34 խաղաղապահ զինուոր հաշուող հայկական ջոկ մը միացած է հարաւային Լիբանանի մարզին մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:
Մուքպել աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ զինուորական մարզին մէջ երկու պետութիւններուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Մուքպել նշեց, թէ Ա. Քոչարեան իրեն յանձնած է Հայաստան այցելութեան հրաւէր մը` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին կողմէ:
Ան աւելցուց նաեւ, որ դեսպան Քոչարեան զինք տեղեակ պահած է վարչապետ Թամմամ Սալամի Հայաստան կատարելիք այցելութեան մասին` աւելցնելով, որ ինք Հայաստան այցելութեան հրաւէրին ընդառաջելու վերաբերեալ պիտի խորհրդակցի վարչապետին հետ:

