Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ Երկխօսութիւնը Ընթացք Առաւ
Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Այն Թինէի մէջ ընթացք առաւ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի միջեւ երկխօսութիւնը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ ներկայ գտնուեցան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ Մուսթաքպալ պլոքի անդամ, երեսփոխան Սամիր Ժսըր:
Չորս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իրենց միջեւ տեղի ունեցած այս հանդիպումը չի միտիր ներքին քաղաքական իմաստով նոր խմբաւորում մը կազմաւորել, ոչ ոքի դէմ ուղղուած է, եւ ոչ ալ կը միտի այս կամ այն քաղաքական ուժին վրայ ճնշում բանեցնել:
«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հովանաւորութեամբ Այն Թինէի մէջ կատարուած երկխօսութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Լիբանանին ու շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ընդգծուած պատասխանատուներուն կողմէ զգուշ ըլլալու կարեւորութիւնը` կարենալ հասնելու համար ներքին լիբանանեան համախոհութեան, ինչպէս նաեւ պահպանելու համար երկրին ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Մուսթաքպալ հոսանքն ու Հըզպալլան հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը` սկսելու լուրջ ու պատասխանատու երկխօսութեան մը, որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւրին որդեգրած կեցուածքին հանդէպ փոխըմբռնում ցուցաբերուի, յատկապէս ինչ կը վերաբերի տարակարծութիւն պատճառող հարցերուն:
«Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի կայանայ յառաջիկայ տարուան ընթացքին:

