Ալիռըզա. «Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Կրնայ Երկրաշարժ Ըլլալ»

1222_alirizaՄիացեալ Նահանգներու ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու «Սի. Էս. Այ. Էս.» վերլուծական կեդրոնի Թուրքիոյ ծրագիրի ղեկավար Պիւլենթ Ալիռըզա «Հապեր Թուրք» լրատու կայքին հետ զրուցած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ հայկական բանաձեւի ընդունման եւ ատոր ունենալիք անդրադարձներուն մասին:

Ալիռըզա շեշտած է, որ ամերիկահայ լոպին Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչութեամբ իր ամբողջ ուժով պիտի աշխատի` օրէնսդիր մարմնին մէջ հայկական բանաձեւ մը անցընելու համար: Ըստ անոր, վերջին ընտրութենէն ետք բաւական տկարացած է այն ուժը, որ կրնար կանխել հակաթրքական զարգացումները:

«Լոպիական ուժերը կրնան դաշնակցիլ եւ կեանքի կոչել հայկական բանաձեւը: Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար ատիկա երկրաշարժի նման բան մը կ՛ըլլայ», ըսած է Ալիռըզա: Ըստ անոր, այսպիսի զարգացումներէ ետք շատ հաւանական է, որ կրկին Ներկայացուցիչներու տան  օրակարգ գայ Թուրքիոյ նկատմամբ ռազմական պատժամիջոց կիրարկելու որոշումը:

Յիշեցնենք, որ թրքական ուժերու Կիպրոս ներխուժումէն ետք, 5 փետրուար 1975-ի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը Թուրքիոյ դէմ ռազմական պատժամիջոց  կիրարկելու որոշում տուած էր: Բայց 26 սեպտեմբեր 1978-ին, երբ նախագահ էր Ճիմի Քարթըր, ջնջուեցաւ պատժամիջոցը:

Share this Article
CATEGORIES