Ամալ Քլունի ՄԻԵԴ-ի Մէջ Պիտի Ներկայացնէ Հայաստանը
Միջազգային կարգի իրաւապաշտպան Ամալ Ալամուտին-Քլունի, որ հոլիվուտեան յայտնի դերասան Ճորճ Քլունիի կինն է, յաջորդ ամիս Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) պիտի ներկայացնէ Հայաստանը: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Հորիզոն»-ը:
Ամալ Քլունի բարձրակարգ իրաւապաշտպան է, ան մասնագիտացած է միջազգային իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արտայանձնման ոլորտներուն մէջ:
Հաշուի առնելով Քլունիի մասնագիտական ներուժն ու փորձը` կարելի է վստահօրէն ըսել, որ ան մեծ առաւելութիւն կու տայ Սթրազպուրկի մէջ Հայաստանի փաստաբանական խումբին: Յստակ է, որ Քլունին յունուարի 28-ին պիտի մասնակցի թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փէրինչէքի գործով դատավարութեան: Վերջինս 2005 թուականին ճամբորդած է Զուիցերիա, այնտեղ հերքած Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ այդ արարքին համար ազատազրկուած է:
Այնուհետեւ, 2008-ին Փէրինչէքը դիմած է ՄԻԵԴ-ին, որ 2013-ի դեկտեմբերին վճռած է, որ Զուիցերիան ոտնահարած է թուրք քաղաքական գործիչին ազատ խօսքի իրաւունքը:
Վճիռը անարդար է, արդարեւ անընդունելի է, այն որ անոր կայացման ժամանակ կիրարկուած են երկակի չափանիշներ. ՄԻԵԴ-ը հրեաներու Ողջակիզումի ժխտումը յանցանք կը համարէ, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը` ազատ խօսքի իրաւունքի կիրարկում:

