Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ընդունեց Թուրքմենիստանի Փոխվարչապետը
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունած է Թուրքմենիստանի փոխվարչապետ, հայ-թուրքմենական միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ Սափարտուրտի Թոյլիեւը: Զրուցակիցները բարձր գնահատած են հայ-թուրքմենական յարաբերութիւնները եւ վստահութիւն յայտնած, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններու միացեալ ջանքերով տնտեսական գործակցութիւնը յառաջիկային կը զարգանայ նոր թափով:
Աբրահամեան եւ Թոյլիեւ կարեւոր նկատած են Երեւանի մէջ ընթացող հայ-թուրքմենական միջկառավարական յանձնախումբին աշխատանքները եւ անդրադարձած են համագործակցութեան նոր հեռանկարներուն: Զրուցակիցները վստահութիւն յայտնած են, որ յանձնախումբի այս նիստին արդիւնքները տեսանելի կ՛ըլլան 2015-ին:
CATEGORIES Հայկական

