Նախագահ Սահակեան Կարեւոր Նկատած Է Ազգային Ժողովի Բաղկացուցիչներուն Հետ Քննարկումը

1223_artzakhԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 դեկտեմբերին հանդիպումներ ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան եւ «Արցախատուն» պատգամաւորական խումբի անդամներուն հետ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Քննարկուած են հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահը շատ կարեւոր եւ պահանջուած սեպած է նման քննարկումներ` նշելով, որ անոնք մեծապէս պիտի նպաստեն իրականացուող աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման:

 

 

Share this Article
CATEGORIES