ՀԱՊԿ-ի Նախագահներ. «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը Պէտք Է Լուծուի Բացառապէս Խաղաղ Ուղիով»
ՀԱՊԿ-ի Անդամ Երկիրներու Ղեկավարները Կոչ Կ՛ուղղեն`
Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Հիմնարար
Սկզբունքներուն Շուրջ Աշխատանքները Արագօրէն Աւարտելու
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրային կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու ղեկավարները անգամ մը եւս վերահաստատած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրը բացառապէս խաղաղ ուղիով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը:
Անոնց հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Մենք` ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներս, կ՛ընդգծենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ ուղիով լուծելու կարեւորութիւնը` շեշտը դնելով ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ հիմնախնդիրի կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու շուրջ աշխատանքները կարելի եղածին չափ
արագացնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Վերջինները պէտք է հիմնուած ըլլան միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ արժեչափերու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի վրայ` մասնաւորաբար ուժ չկիրարկելու կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքը բացառելու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու, իրաւահաւասարութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքները յարգելու իմաստով»:
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները անդրադարձած են նաեւ Ուքրանիոյ ճգնաժամին եւ նշած հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Փութին. «ՀԱՊԿ-ի Մարդասիրական Առաջին
Կեդրոնը Պիտի Բացուի Հայաստանի Մէջ»
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու վեհաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ ՀԱՊԿ-ի մարդասիրական առաջին կեդրոնը պիտի բացուի Հայաստանի մէջ:
«Ռուսիոյ աշխուժ աջակցութեամբ կը ստեղծուի ՀԱՊԿ մարդասիրական կեդրոններու ցանց, որուն առաջինը յառաջիկայ տարի պիտի բացուի Հայաստանի մէջ, աւելի ուշ նոյնպիսի կեդրոն պիտի սկսի գործել Խըրխըզիստանի մէջ», նշած է ան:
Նախքան այդ, վեհաժողովի բացման իր խօսքին մէջ Փութին նշած է, որ աշխարհի վրայ ներկայիս տիրող դժուար իրավիճակը ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներէն համակարգուած գործողութիւններ կը պահանջէ: «Մեր վեհաժողովը տեղի կ՛ունենայ դժուար ժամանակաշրջանի ընթացքին, աշխարհին մէջ իրավիճակը արագօրէն կը փոխուի, ատոր մէջ են հին խնդիրներ, սակայն, ցաւօք, կը յայտնուին նաեւ նորերը, տեղի կ՛ունենայ համաշխարհային անվտանգութեան համակարգի աղաւաղում»:
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու` Ռուսիոյ, Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի ղեկավարները որդեգրած են 22 փաստաթուղթ: Անոնք հաստատած են պետութիւններու ղեկավարներու միացեալ յայտարարութիւնը, 19 որոշում եւ 2 արձանագրութիւն:

