ՀԱՊԿ-ի Նիստին Սարգսեան Անընդունելի Նկատած Է Ղարաբաղի Հակամարտութեան Շիկացումը

1223_serj3Աշխատանքային այցելութեամբ Ռուսիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` 23 դեկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ  մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին:

Բանակցութիւնները նախ կայացած են նեղ կազմով` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Խըրխզիստանի, Տաճիկիստանի նախագահներու եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին մասնակցութեամբ: ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները ապա բանակցութիւնները շարունակած են պատուիրակութիւններու անդամներու մասնակցութեամբ կայացած ընդարձակ կազմով նիստին:

ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի լիագումար նիստին ընթացքին ստորագրուած են փաստաթուղթեր, որոնց շարքին` ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու  յայտարարութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ծառայութենէն «Արմենփրես»-ին  տեղեկացուցած են, որ խորհուրդի նստաշրջանին արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հրաւէրին եւ հիւրընկալ Մոսկուայի մէջ աւանդական ջերմ ընդունելութեան համար, ապա նաեւ` ռուսական գործընկերներուն, 2014 թուականին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ գործօն նախագահութեան եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան զարգացման իմաստով էական ներդրման համար:

Սերժ Սարգսեան նշած է, որ նստաշրջաններուն միջեւ եղող ժամանակահատուածին ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ  կարեւոր աշխատանք կատարուած է քաղաքական գործակցութեան հետագայ զարգացման եւ կատարելագործման ապահովման, ռազմական եւ ռազմաճարտարագիտական  գործակցութեան խորացման, ներկայի մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները դիմագրաւելու ուղղութեամբ: Այս գծով նախագահը ընդգծած է յատկապէս ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան աշխատանքը եւ երախտագիտութիւն յայտնած անոր, իսկ հետագայ գործունէութեան համար յաջողութիւններ մաղթած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին:

Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ պաշտօնակիցներուն  տեղեկացուցած է Հարաւային Կովկասի շրջանի իրավիճակին, մասնաւորապէս, այս տարուան ընթացքին հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ առաջին գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերուն մասին` ընդգծելով, որ Հայաստան ամբողջովին  անընդունելի կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող լարուածութեան շիկացումը եւ մեր շրջանի ռազմականացումը:

«Այսօր մեր կողմէ ընդունուած փաստաթուղթերը ուղղուած են ծագող մարտահրաւէրներուն եւ գոյութիւն ունեցող հիմնախնդիրներուն հաւաքական եւ համակարգուած արձագանգելուն: Վստահ եմ, որ ատոնք կը ծառայեն ՀԱՊԿ-ի  բարգաւաճման շահերուն` ի նպաստ մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու բարօրութեան` հաւաքական հիմքերով երաշխաւորուած անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ: Մեկնելով այն հանգամանքէն, որ արտաքին քաղաքականութեան համակարգման մեքանիզմի հետագայ ամրապնդման հարցերով որոշումներու տուչութիւնը կը նպաստէ նաեւ մեր կազմակերպութեան հեղինակութեան բարձրացման, կը կարծեմ, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու  ռազմական համագործակցութեան յաջորդական զարգացման գործին մէջ էապէս քայլ կ՛ըլլայ հաւաքական օդուժի ստեղծումը: Նաեւ կ՛ուզէի շեշտը դնել մեր պետութիւններու  ռազմաճարտարագիտական  գործակցութեան բարձրացման նպատակով ձեռնարկուող միջոցներու կարեւորութեան վրայ:

Վստահ եմ, որ տեղեկատուական անվտանգութեան գծով փաստաթուղթերու ծրարը կը ծառայէ այս մարզին մէջ մեր պետութիւններու համապատասխան կառոյցներու միջեւ  գործակցութեան էական բարձրացման:

2015 թուականի 1 յունուարէն Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան նախագահութիւնը կը ստանձնէ  Տաճիկիստանի Հանրապետութիւնը: Կ՛ուզեմ շնորհաւորել Տաճիկիստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Շարիփովի Ռահմոնը, եւ յաջողութիւն մաղթել», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` ընդգծելով, որ ՀԱՊԿ-ի գծով համագործակցութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկը, եւ Հայաստան  պատրաստ է աշխուժ կերպով համագործակցելու  գործընկերներուն  հետ` ի շահ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի դրոյթներու ապահովման: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ ատիկա ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու  ընդհանուր դիրքորոշումը ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )