Ֆութսալի Միջազգային Դասաւորում. Հայաստանի Հաւաքականը Բարելաւեց Իր Դիրքը
ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը բարելաւեց իր դիրքը միջազգային նոր դասաւորման մէջ:
Նախորդ ամսուան հետ բաղդատելով` Հայաստանի հաւաքականը երկու դիրք բարձրանալով, այժմ կը գրաւէ 69-րդ դիրքը:
Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստանի մրցակիցները (Զ. խմբակ)` Իսրայէլ եւ Շուէտ, յաջորդաբար կը գրաւեն 56-րդ եւ 63-րդ դիրքերը, մինչ Սկովտիա` վարկանիշ չունի:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Սպանիա, ապա յաջորդաբար` Պրազիլ եւ Իտալիա:
CATEGORIES Մարզական

