Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով. Ճատրակի Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ակումբին Մէջ

Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբը կը կազմակերպէ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ճատրակի մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ 26, 27, 29, 30 դեկտեմբերին եւ 2, 3 յունուար 2015-ին, ժամը 18:00-էն սկսեալ (իւրաքանչիւր օր` մէկ հանգրուան. ընդամէնը` 6 հանգրուան):

Անոր ակումբին մէջ (Վերտան) տեղի ունենալիք այս 36-րդ մրցաշարքին տիտղոսակիրները պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ, իսկ մրցանակակիրները` յատուկ մրցանակներ:

Արձանագրութեան համար, պէտք է հեռաձայնել հետեւեալ երկու թիւերէն մէկուն. 03-771795 եւ 71-107597:

Share this Article
CATEGORIES