Սարգիս Գրիգորեան. «Հայաստան Չունի Տարբեր Մարզաձեւերու Համար Նախատեսուած Մարզահամալիր»
Հայաստանի հենտպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սարգիս Գրիգորեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին ամփոփեց տարին, խօսեցաւ 2015-ի յայտագիրին եւ կարգ մը այլ ծրագիրներու մասին:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աւարտելիք տարուած ընթացքին կազմակերպեցինք 20 մրցաշարքեր: Կեդրոնացանք պատանիներուն վրայ, որոնք մեծ գոհունակութիւն պատճառեցին մեզի:
Հասանք այն եզրակացութեան, որ 2015-ին պէտք է նաեւ մեծերու ախոյեանութեան, ալ կազմակերպենք, որովհետեւ մեր դիմաց ունինք համահայկական խաղերը, որոնց շատ հաւանաբար մասնակցին Արժանթին, Ֆրանսա, Ռուսիա, Իրան եւ այլն:
«Կ՛ուզեմ կարեւոր կէտի մը անդրադառնալ. դժբախտաբար Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը չունի տարբեր մարզաձեւերու համար նախատեսուած մարզահամալիր: Այս մէկը իսկապէս խայտառակութիւն է: Տարբեր մարզաձեւերու հաւաքականները կը մարզուին տարբեր վայրերու մէջ, եւ անոնց վարձք կու տան: Այս պատճառով, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք քանի մը միջազգային մրցաշարքերու կազմակերպումի գաղափարին դէմ արտայայտուեցայ:
«Եզրափակելով ըսեմ, որ բոլորն ալ պէտք է գիտակցին, որ գնդակով խաղի նախահայրը` հենտպոլն է: Մարդիկ նախ ձեռքով սկսած են խաղալ: Երեխային երբ գնդակ տաս, ան առաջին հերթին ձեռքով կը նետէ գնդակը»:

