Հրաչեայ Ռոստոմեան. «Եւրոպական Խաղերը Պաքուի Սեփականութիւնը Չեն»
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան երէկ լրագրողներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ամփոփեց Հայաստանի մարզական տարին, խօսեցաւ արձանագրուած արդիւնքներուն եւ յառաջիկային տեղի ունենալիք ծրագիրներուն մասին:
Իր խօսքին մէջ Ռոստոմեան անդրադարձաւ հետեւեալ գլխաւոր նիւթերուն.
«Նանճինկի ողիմպիականի մասնակցեցանք 14 երկսեռ մարզիկով եւ հոն արձանագրեցինք բացառիկ արդիւնք, տիրանալով 2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալի:
«Կու գամ ըսելու, թէ Հայաստանի պասքեթպոլի երիտասարդներու հաւաքականը, ինչպէս նաեւ աղջկանց 16 տարեկանէն վար հաւաքականը, պիտի մասնակցին Եւրոպայի 2015-ի ախոյեանութեան, նախքան այս անոնք պիտի մասնակցին տարբեր մրցաշարքերու եւ պիտի կատարեն ուսումնամարզական յատուկ հաւաքներ:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն, Հայաստանի մասնակցութեան հարցը պիտի լուծուի փետրուար 2015-ին:
«Այդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առընթեր: Հիանալի եւ սքանչելի պիտի ըլլայ այն, որ հայ մարզիկները հոն յաղթեն եւ Պաքուի մէջ բարձրանայ Հայաստանի հանրապետութեան դրօշակը: Հոգեբանական առումով, ես վստահ եմ, որ հայ մարզիկները հոն շատ ինքնավստահ կ՛ըլլան եւ ոչ մէկ բան կ՛ազդէ անոնց վրայ:
«Այդ եւրոպական խաղերը Պաքուի սեփականութիւնը չեն, այլ` Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին, որ լաւագոյնս կը վերահսկէ այդ իրավիճակին:
«Դաւիթաշէնի մէջ կառուցուող մարզահամալիրը ամբողջովին կը համապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն եւ այնտեղ կարելի է միջազգային մրցաշարքեր հիւրընկալել: Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն, այնպէս մը պիտի ընէ, որ մարզադպրոցները ճիշդ ձեւով ղեկավարուին: Հոն կարելի պիտի ըլլայ նաեւ հիւրընկալել հենտպոլի եւ լողարշաւի միջազգային մրցաշարքեր ալ:
«Կը յուսամ, որ 2015-ին պիտի յաջողինք բազմաթիւ իրագործումներ կատարել եւ աւելի շատ արդիւնք ձեռք ձգել, քան ինչ որ կրցանք ապահովել այս տարի»:

