Միացեալ Նահանգներու Տնտեսութեան Աճի Կշռոյթը Կը Գերազանցեն Նախատեսութիւնները
«Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան աճի երրորդ եռամսեակին մէջ կշռոյթը գերազանցած է նախատեսութիւնները: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, երկրի համախառն ներքին արտադրութիւնը երեք ամսուան ընթացքին աճած է 5 առ հարիւրով` տարեկան կտրուածքով նախատեսուող 3,9 առ հարիւրի փոխարէն:
Այդ մէկը ամերիկեան տնտեսութեան աճի ամէնէն արագ կշռոյթն է, որ արձանագրուած է վերջին 11 տարուան ընթացքին եւ պայմանաւորուած է սպառողական ծախսերու զգալի աճով:
Երկրորդ եռամսեակին մէջ Միացեալ Նահանգներու համախառն ներքին արտադրութեան աճը կազմած էր 4,6 առ հարիւր:
CATEGORIES Միջազգային

