Ազրպէյճանի Մէջ Դարձեալ Մզկիթ Այրած Է
Ազրպէյճանի Մասալլը շրջանի Պիատալան գիւղին մէջ երէկ առաւօտեան այրած է մզկիթ մը:
«Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան, կը հաղորդեն, որ այրած է մզկիթի 204 քառ. մեթր ընդհանուր մակերեսի 120 քառ. մեթր մասը: Մզկիթին մէջ հրդեհի յառաջացման պատճառը յայտնի չէ:
Նոյեմբեր 2014-ին հրդեհ ծագած էր նաեւ Պաքուի մօտ գտնուող Գարաչուխուր աւանի մզկիթին մէջ: Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ հրդեհը պատճառերու գործին մասնակից են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) անդամները:
CATEGORIES Միջազգային

