«Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Կ՛արձանագրեն Վերջին 500 Տարուան Լաւագոյն Շրջանը» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Ահմեթ Տաւութօղլու
«Ria.ru» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է օգտագործէ իր աշխարհագրական դիրքը` ուժանիւթի տարանցումէն առաւելագոյնս օգտուելու համար:
Տաւութօղլու Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ դեսպաններու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է. «Թրքական տնտեսութիւնը կ՛աճի, կ՛աճի ուժանիւթի պահանջարկը: Մենք ուժանիւթի աղբիւրներ չունինք, սակայն փոխարէնը կը գտնուինք ուժանիւթի ճամբաներու քառուղիին վրայ եւ կրնանք շահիլ ուժանիւթի տարանցումէն: Այնպէս, ինչպէս բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին, նոյնպէս ալ Թուրքիան պէտք է դառնայ ուժանիւթի աղբիւրներու մատակարարման բոլոր ճամբաներու անցման վայր»:
Այն երկիրներու շարքին, որոնցմէ Թուրքիան կրնայ ուժանիւթի խողովակաշարեր անցընել, Տաւութօղլուն նշած է Ռուսիան, որուն հետ յարաբերութիւնները, ըստ անոր, այժմ կը զարգանան եւ «կ՛արձանագրեն վերջին 500 տարուան ընթացքին լաւագոյն շրջանը»:
«Եւրոպական Միութեան հետ մեր լաւ յարաբերութիւնները չեն նշանակեր Ռուսիոյ հետ վատ յարաբերութիւններ: Ուքրանիոյ մէջ ճգնաժամի իբրեւ հետեւանք` կը յառաջանայ կազամատակարարման այլ ճամբաներու անհրաժեշտութիւն, եւ մենք այժմ կը քննենք այդ առիթով Ռուսիոյ առաջարկները: Թուրքիան, հաշուի առնելով իր աշխարհագրութիւնը, կրնայ ապահովել ուժանիւթի մատակարարման ամէնէն դիւրին միջոցը այնտեղ, ուր կայ ատոր անհրաժեշտութիւնը», աւելցուցած է ան: