Եւրոպական Միութեան Նախագահը Էրտողանին Կոչ Ուղղած Է Յարգելու Արդարադատութիւնը

Տոլանտ Թուսք
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան նախագահ Տոնալտ Թուսք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կոչ ուղղած է արդար դատավարութիւն ապահովելու անցեալ շաբաթ ձերբակալուած մամլոյ ներկայացուցիչներուն համար:
Ան Էրտողանի հետ երեքշաբթի օր ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւով լրագրողներու ձերբակալութեան առնչութեամբ:
Վերլուծաբանները Էրտողանին հեռաձայնելու Թուսքի քայլը պայմանաւորած են անցեալ շաբաթ Էրտողանի կատարած հրապարակային յայտարարութեամբ, որուն մէջ ան խստօրէն քննադատած էր Պրիւքսէլը եւ Եւրոպայի կոչ ուղղած էր չմիջամտելու Թուրքիոյ ներքին գործերուն:
Թրքական ոստիկանութիւնը 14 դեկտեմբերին ձերբակալած էր 24 մարդ, որոնց շարքին` «Սամանեոլու» պատկերասփիւռի կայանի ղեկավարը, քանի մը աշխատակիցներ եւ «Զաման» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը: Անոնք կը մեղադրուին արդի իսլամութեան գաղափարախօս Ֆեթհիւլլահ Կիւլենի հետ համագործակցելու մէջ: Էրտողան Կիւլենը իր թիւ մէկ թշնամին յայտարարած է:
Կիւլենական շարժումը կը քարոզէ իսլամական չափաւորութիւն, հանդուրժողականութիւն, միջկրօնական երկխօսութիւն, իսլամութեան եւ ժողովրդավարութեան համատեղելիութիւն: 19 դեկտեմբերին թրքական դատարանը Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող Ֆեթհիւլլահ Կիւլենը ձերբակալելու որոշում որդեգրած էր: