ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներ Քիւրտերէն Փախուստ Կու Տան Դէպի Թուրքիա. Արաբ Բունարի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Զինուորական Գործողութեանց Ղեկավարը Սպաննուեցաւ

1224_KobaneԱղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնած է, որ Արաբ Բունարի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինուորական գործողութեանց ղեկավար, սէուտցի Ապու Մասհապ Ռամալի քաղաքին մշակութային կեդրոնին մօտ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զինեալներուն հետ բախումներուն ընթացքին սպաննուած է:

Ջոկատները ետ մղած են ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ականուած ինքնաշարժներու եւ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներու օգտագործումով մշակութային կեդրոնի եւ «Եարմուք» դպրոցին միջեւ գտնուող շրջանին մէջ  կատարուած յարձակումները:

Մինչ այդ` ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներէն Ապու Մասհապ Ամերի «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ կատարուած գրառումի մը ճամբով խոստովանեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ Արաբ Բունարի ճակատամարտը կորսնցուցած է, իսկ Արաբ Բունարի մէջ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Իտրիս Նահսան յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ պարտութիւն կրելէ ետք տասնեակներով սկսած են փախուստ տալ դէպի Թուրքիա:

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Հալէպի հիւսիսարեւելքը գտնուող Սիֆաթ գիւղին մօտ սուրիական բանակը բուռն բախումներ կ՛ունենայ զինեալ խմբաւորումներու հետ:

Յորդանանեան բանակը յայտարարեց, որ դաշնակից ուժերուն օդուժի մէկ գործողութեան ընթացքին գերեվարուած է իր օդաչուներէն մէկը, որուն ապահովութեան համար պատասխանատու կը նկատէ ՏԱՀԵՇ-ը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )