Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ իրենք ապահով կը զգան Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ սկսած երկխօսութեամբ` աւելցնելով, որ իրենք վստահ են, թէ Հըզպալլա առանց իր դաշնակիցներուն Մուսթաքպալի հետ նախագահական ընտրութեան եւ ընտրական օրէնքի թղթածրարները պիտի չքննարկէ: Սաատէ ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Մարատա հոսանքը կը շարունակէ զօրակցիլ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը եւ կազինը` 1100 լ. ոսկիով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի բարձունքներուն վրայ զինեալներուն շրջափակումի լուրը չափազանցուած է, նկատի ունենալով, որ զինեալները կրցած են Ռիֆ Հոմսէն Քալամուն ելք մը ապահովել:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւններ գործելու որոշումը իրանեան է, իսկ գործադրողը կամ այդ գործողութիւններուն մեղսակցողը` Հըզպալլան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ ինք չէր նախընտրեր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպում մը տեսնել, այլ` կը նախընտրէր այնպիսի երկխօսութիւն մը, որ ըլլայ արդիւնաւէտ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր ողջունեց Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի միջեւ սկսած երկխօսութիւնը` շեշտելով, որ հազար մղոն երկարութեամբ ճամբան իսկ կը սկսի մէկ քայլով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ նախագահական ընտրութեան համաձայնութիւն գոյութիւն չունի:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շատ ուշացած է հարաւային Լիբանան կատարած իր այցելութեան առումով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ Մեհրապի եւ Ռապիէի միջեւ երկխօսութիւնը պիտի կատարուի, սակայն այդ երկխօսութեան ժամանակացոյցը տակաւին չէ ճշդուած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց երկխօսութիւնը պիտի մեղմացնէ սիւննի-շիի սադրանքները:

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը մաղթեց, որ երկխօսութիւնը ըլլայ լուրջ, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ փոխանակում կատարուի` առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ ներխուժեց Սայտայի Հասպէ շրջանին մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայանը: Անկէ ետք բանակը կատարեց շարք մը ձերբակալումներ:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ լիբանանեան ծովային սահմանագծումը կատարելու իրաւունք չունի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Փարասը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՄԻՋԻՆ Արեւելքի մարոնի համայնքի եկեղեցիներու խորհուրդի տեղեկատուութեան բաժնի պատասխանատու հայր Եուսեֆ Մուաննէս յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները կ՛ապրին «մութ գիշեր» մը` ընդգծելով, որ նոյնիսկ երբ անոնք հալածանքի կ՛ենթարկուէին, նման վատ պայմաններու մէջ չեն եղած: Ան ընդգծեց նաեւ, որ բնաւ մտավախութիւն չկայ ՏԱՀԵՇ-ը Պէյրութի մէջ տարածուելու իմաստով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, թէ ինք պատրաստ է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ երկխօսութիւն կատարելու` շեշտելով, որ նախագահական ընտրութեան առումով միջազգային ջանքերը անիմաստ են:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալեն Հաքիմ հաստատեց, որ իրենք կը բանակցին փուռերու սեփականատէրերուն հետ` կապ մը արաբական հացին սակը նուազեցնելու նպատակով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն` Ֆատի Սուսի, որ ամէնէն աւելի սադրանքներ կը նախապատրաստէր լիբանանեան բանակին դէմ, Սուրիոյ Տայֆ հովիտին մէջ սպաննուած է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յոյս յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ արձանագրուած երկխօսութիւնը կը միտի ամրապնդել Լիբանանը, անոր դէմ ծառացած մարտահրաւէրներէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով, որ յաջորդ տարին ըլլայ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան մեկնարկի տարի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ հարկ է ամէն ջանք ի գործ դնել երկխօսութիւնը միջլիբանանեան դրութեան վերածելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը պիտի ըլլայ մուտք մը` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ գոյանալիք երկխօսութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց` լիբանանեան բանակին նեցուկ կանգնելու եւ Լիբանանը սադրանքներէ պաշտպանելու:

 

Share this Article
CATEGORIES