Ժոմպլաթ Ընդունեց Ալի Հասան Խալիլը

1224_JumblattԸնկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

Խալիլ Ժոմպլաթի մօտ գործուղուած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ անդրադարձաւ օր մը առաջ Ապու Ֆաուրի եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթերի` Պէյրութի միջազգային օդակայան կատարած այցելութեան` շեշտելով, որ փտածութիւնը իր հակակշիռին տակ առած է պետական բոլոր կառոյցները:

«Գրեթէ վստահ եմ, որ առողջապահութեան նախարարին սկսած արշաւը ձիւնագնդակի պիտի վերածուի եւ զայն ոչինչ պիտի կասեցնէ», ըսաւ ան:

Այս առումով Ժոմպլաթ հարց տուաւ. «Ո՞ւր է քաղաքացիական ընկերութիւնը եւ ինչո՞ւ չի զօրակցիր այս արշաւին: Ո՞ւր են զբօսաշրջական հաստատութիւնները, պանդոկներն ու ճաշարանները, որոնք վտանգի փողեր պէտք է հնչեցնեն` քաղաքացիներուն նուազագոյն առողջապահութիւն ապահովելու համար»:

Share this Article
CATEGORIES