Ըստ «Տէյլի Սթար Օնլայն» Կայքին. Առեւանգուած Բանակայիններուն Թղթածրարին Լուծումը Կրնան Ապահովել Միայն Քաթարը Եւ Թուրքիան
«Տէյլի սթար օնլայն» կայքին համաձայն, լիբանանեան բանակէն եւ ներքին ապահովութեան ուժերէն առեւանգուած զինուորականներուն թղթածրարին լուծումը կրնան ապահովել միայն Քաթարը եւ Թուրքիան:
Ըստ նոյն կայքին, ապահովական աղբիւր մը շուրջ երկու շաբաթ առաջ նամակ մը յղած է թրքական իշխանութիւններուն` անոնցմէ խնդրելով օժանդակել այս հարցին լուծման, սակայն թուրք պատասխանատուները լիբանանեան ապահովական կառոյցը ցարդ անպատասխան ձգած են:
«Տէյլի սթար օնլայն» կը գրէ նաեւ, որ քաթարեան իշխանութիւնները նոյնքան անտարբեր մնացած են Լիբանանի նկատմամբ եւ ոչ մէկ միջամտութիւն կատարած Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ` առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով:
CATEGORIES Լիբանանեան

