«Մուսթաքպալ Հոսանքին Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Երկխօսութիւնը Դրական Է Եւ Քաջալերելի» Շեշտեց Պըրրի

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան մթնոլորտը դրական է եւ քաջալերելի` ընդգծելով Լիբանանի վրայ անոր ունեցած դրական ազդեցութիւնը:
Պըրրի յոյս յայտնեց, որ քաղաքական այս երկու հոսանքներուն միջեւ սկսած երկխօսութիւնը շարունակուի եւ ընդարձակուի` հասնելով այլ հանգրուանի, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ յաւելեալ ակնկալութիւններ եւ նպատակներ երաշխաւորել:
Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու համախոհութիւնը իրականացնելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի անդրադարձաւ նաեւ այն օրէնքներուն, որոնք վաւերացուած են, սակայն չեն գործադրուած, ինչպէս` քաղաքացիական օդանաւորդութեան, սննդեղէնի առողջապահութեան, ըմպելի ջուրի մաքրութեան վերաբերող օրէնքները:

