Վարչապետ Սալամ Այցելեց Պշարա Ռայի Պատրիարքին

Վարչապետ Սալամ եւ Ռայի պատրիարքը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Սալամ Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ անոր հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
«Երանի թէ տօնական այս օրերուն առիթով երկրին մէջ յաւելեալ ուրախութիւն տիրէր, սակայն ներկայ պայմաններով եւ առեւանգուած բանակայիններուն ցաւով անկարելի է, որ ուրախ ըլլանք», ըսաւ վարչապետ Սալամ, Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք:
Ան հաստատեց նաեւ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը: «Անկարելի է, որ Լիբանանը շարունակէ իր այս ընթացքը` առանց հանրապետութեան նախագահի: Մենք կը յուսանք, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ ընտրել քրիստոնեայ- մարոնի նախագահ մը, որուն ընտրութեան կառչած կը մնանք», ըսաւ ան:
Սալամ մաղթեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը յաւելեալ կայունութիւն իրականացնէ եւ երկրին կացութիւնը խաղաղեցնէ` մեղմացնելով լարուածութիւնը:
Վարչապետը հաստատեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ազատ արձակելու համար առեւանգուած բանակայինները:
Ռայի. «Լիբանան Կարիքը Ունի
Հանրապետութեան Իմաստուն Նախագահի»
Միւս կողմէ, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին կ՛ապրի անարդարութեան եւ անիրաւութեան մթնոլորտի մը մէջ, յատկապէս հայրենիքին հաւատարիմ չըլլալու եւ այլոց իշխանութեան ենթարկուելու պատճառով:
Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց նաեւ, որ քաղաքական կուսակցութիւններուն հաշիւներուն պատճառով կարելի չէ նաեւ վաւերացնել բոլոր համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովող ընտրական օրէնք մը եւ լուծել երկրին տնտեսական տագնապը:
«Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան իմաստուն նախագահի մը, որ զինք դուրս բերէ իր բոլոր անարդարութիւններէն եւ անձնական շահերու դրութենէն` իրականացնելով Լիբանանի գերագոյն շահերը», ըսաւ ան: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց երկրին սահմանադրութիւնն ու ազգային ուխտը յարգելու յանձնառութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց աղօթելու հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան համար, աւելցնելով, որ 9 փետրուար 2014-ին իրենց կողմէ հրապարակուած ազգային շրջաբերականը կը ծառայէ իբրեւ ընթացագիծ` Լիբանանը դուրս բերելու քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական իր տագնապներէն:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի այնպիսի նախագահի մը, որուն պատկանելիութիւնը Լիբանանին կ՛ըլլայ: