Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Անցուդարձերուն
24 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Քեսապի մասին շրջանառութեան դրուած լուրերը ստանալէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս կապ հաստատեց շրջանի պատասխանատու մարմիններուն հետ:
Քեսապի շրջանի պատասխանատուները վստահեցուցին վեհափառ հայրապետին, թէ Քեսապի մասին վերջին ժամերուն լրատուամիջոցներուն տուած տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ հաստատեցին, որ Քեսապի մէջ հանդարտ կացութիւն կը տիրէ: Անոնք միաժամանակ յայտնեցին, թէ սահմանին թրքական կողմը զինեալներու մնայուն շարժումներ կը նշմարուին:
Նկատի ունենալով, որ շրջան ընող սխալ լուրերը նաեւ մտահոգութիւն պատճառած են Քեսապի բնակիչներուն, պատասխանատու մարմինները աշխատանք կը տանին հանդարտեցնելու կացութիւնը եւ կասեցնելու ստեղծուած անտեղի խուճապը:
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Քեսապի պատասխանատու մարմիններուն` անոնց կատարած աչալուրջ աշխատանքին համար: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կապ հաստատեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին հետ, որուն հետ քննարկելէ ետք Քեսապի անցուդարձերը` հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց սուրիահայութեան: